Հալէպի մասին՝ հալէպցիի մը հետ
Մեր բանաւոր պատմութիւններու հարցազրոյցները սկիզբ առին Յունիս 2020-ին, «Մէկ ժամ Հալէպի մասին՝ հալէպցիի մը հետ» խորագիրով։ Ամէն Շաբաթ կը խօսինք հալէպցիի մը հետ, իր կեանքի մասին։ Այս հարցազրոյցներուն նպատակն է բանաւոր պատմութիւններու միջոցով ցոյց տալ Հալէպի հայկական կեանքի զանազան կողմերը:
Դիտեցէ՛ք մեր վերջին հարցազրոյցը
Ծանօթացէ՛ք մեր հիւրին
Հալէպի մասին Նորա Փիլիպպոսեանի հետ
Նորա Փիլիպպոսեան։ Ծնած է 1965թ.-ին Հալէպ։ Ուսումը ստացած է Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանէն ներս։ Բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Անգլերէն Գրականութեան բաժին։ Զբաղուած է ուսուցչութեամբ Կիլիկեան Ճեմարանէն ներս (1994-2012) եւ երկար տարիներ ծառայած է Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբի մէջ։ 2012թ.-ին տեղափոխուած է Երեւան։
