Հալէպի մասին Նուպար Տոլմաճեանի հետ
Նուպար Էմմանուէլ Մարտիրոսի Տոլմաճեան, ծնած է 1953 թ.-ին Հալէպ:
Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Մարաշի Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանէն ներս: Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանէն ներս, ապա բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Գիտութեան բաժնին մէջ:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու մանչ զաւակներ: