Հալէպի մասին՝ հալէպցիի մը հետ
Մեր բանաւոր պատմութիւններու հարցազրոյցները սկիզբ առին Յունիս 2020-ին, «Մէկ ժամ Հալէպի մասին՝ հալէպցիի մը հետ» խորագիրով։ Ամէն Շաբաթ կը խօսինք հալէպցիի մը հետ, իր կեանքի մասին։ Այս հարցազրոյցներուն նպատակն է բանաւոր պատմութիւններու միջոցով ցոյց տալ Հալէպի հայկական կեանքի զանազան կողմերը:
Հալէպի մասին Մաթիկ Էպլիղաթեանի հետ
Բոլոր Հարցազրոյցները
Մաթիկ (Մատթէոս) Էպլիղաթեան ծնած Հալէպ 06.04.1956, յաճախած Հալէպի Հայկազեան վարժարան եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, տարի մըն ալ հետեւած Մխիթարեան Հայրերու Հայագիտական դասընթացքին: Ամուսնացած 1984-ին Պէթի Մկրտիչեանի հետ, բախտաւորուած երկու զաւակներով Անի եւ Գոգո:
ՀալԷպի մէջ հիմնած ԿԻԼԻԿԻԱ հրատարակչատունը, 2013-ին հաստատուած Ժընեւ, շուտով պիտի գործէ www.ciliciabooks.com կայքը, որպէս Զուիցերական առեւտրական հաստատութիւն, գիրքերու առցանց վաճառքի մասնագիտութեամբ:
GIS քարտէսներ
Քարտիսագրութեան գործիքները գործածելով (GIS) կը փորձենք նշել Հալէպի հայկական խանութները՝ քարտէսի վրայ:
Դիտել Քարտէսը






